April 1st, 2017
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
«Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է, ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է. բայց հիմա Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»: Ա. Կորնթ. 15: 14, 20
Երկար շարքերով այցելուներ աշխարհի ամէն կողմէ համբերութեամբ կը սպասեն տեսնելու Լենինի գերեզմանը, դիտելու անոր զմռսուած մարմինը: Շարունակական աշխատանք կը տարուի (մոմով եւ ներկով) պահելու այդ համայնավար առաջնորդին դիակը:
Շատեր կ’այցելեն Երուսաղէմ տեսնելու Տէր Յիսուսի թաղուած վայրը, թէեւ պեղումներու հետեւանքով Անոր «ոսկորները գտնուած են» կ’ըսեն, մի՛ հաւատաք, չկայ, բան մը չկայ ու պիտի չգտնուի: Խաչեալ Քրիստոսի մարմինը որեւէ տեղ չկայ: Անիկա Աստուծոյ զօրութեամբ յարութիւն առաւ եւ գերեզմանուած չմնաց:
Թերեւս թերահաւատութեամբ կը հարցնես. «մեռելներու յարութիւն կա՞յ»: Պօղոս Առաքեալ այս հարցումին կը մօտենայ երկու տարբեր տեսանկիւններէ.- Բացասական- «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ», ի՞նչ կ’ըլլայ: Դրական- «Բայց հիմա Քրիստոս յարութիւն առած է», ի՞նչ կ’ըլլայ: Եթէ արեւը չի ծագի ի՞նչ կը պատահի, բայց արեւը ծագած է, ահաւասիկ ապացոյցը բացայայտ է:
Ա. Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար.- հմր. 14
Ուրեմն Իր վկայութիւնը ճշմարիտ չէ: Յիսուս Ինք խոստացած էր.- «Քակեցէք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեմ» Յովհ. 2:19: Եթէ ձախողած է, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Նաեւ ըսած էր, «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը» Յովհ. 11:25:
Աշակերտները խաբուած էին: Ասիկա իրենց ուրախ եւ դրական վկայութիւն էր, սորվեցուցին եւ քարոզեցին թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած է: Երբ իրենց Տէրը խաչուեցաւ, անոնք ամէն մարդոցմէ աւելի խղճալի վիճակ մը ունէին, ամօթով էին: Բայց յանկարծ խղճալիներ, երանելիներ եղան, վախկոտութիւնը համարձակութեամբ փոխարինուած էր, որովհետեւ տեսան Անոր գերեզմանէն ետք, տեսան Անոր յարուցեալ ներկայութիւնը:
Եկեղեցին կեղծաւորութիւն է, հոյակապ կազմակերպութիւն, իտէալ նպատակ, բայց առանց հիմքի: Եթէ երրորդ օրը Յովսէփ Արիմաթեացիի պարտէզին մէջ պարապ գերեզման մը չկար, այն ատեն երկրի վրայ ամենէն փուճ բանը Քրիստոնէութիւնն էր:
Մեր ներման վստահութիւնը, մեր ուրախութիւնը, մեր մտքի ու սրտի խաղաղութիւնը, մեր պատասխանուած աղօթքները, մեր հաղորդութիւնն ու «երջանիկ յոյսը», բոլորն ալ երեւակայական բաներ են : Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, մենք որ կը հաւատանք անմահութեան, կ’ապրինք յիմարներու դրախտին մէջ: Այս հաւատքին հետեւողներ խաբուած են: Փոխանակ մեկնելով այս աշխարհէն ըլլալու Քրիստոսի հետ, հաւատքով մեռնողները անասունի մը նման փճացած են, գոյութիւն չունին: Հետեւաբար բոլոր մարդոցմէ աւելի թշուառ ենք, քարոզութիւնը պարապ է, հաւատքը սին է, սուտ վկաներ ենք եւ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ մեռած ենք:
Բ. Բայց հիմա Քրիստոս յարութիւն առած է.- հմր. 20
Ահա յաղթութեան փողի ձայնը, ուրախութեան եւ ցնծութեան ձայնը: Աչքդ լոյս: Դժոխքի հիմերը կը շարժին, արեւը ծագած է ու իր զօրաւոր շողերով խաւարը փարատած: Բժշկութեան ճառագայթները առողջութիւն եւ գեղեցկութիւն կը բուրեն: Եթէ այդպէս է, մեր քարոզութիւնը պարապ չէ, մեր
առաքելութիւնը հաստատ կը մնայ, «Գացէք բոլոր աշխարհ, աշակերտեցէք ու մկրտեցէք, Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վերջը»:
Մենք չենք ապաւինիր մեռած փրկիչի մը, այլ Անոր որ «Աստուծոյ զօրութիւնն է փրկութեան համար», Անոր որ «Յարութիւնն ու կեանքն է»:
Անիկա մեռաւ մեր մեղքերուն համար, բայց յարութիւն առաւ մեզի արդարացնելու: Իր մահը գինն էր որ վճառեց, իսկ յարութիւնը ապացոյցն է, որ փրկագինը ընդունուած է: Պարապ չէ ապաւինիլ ու վստահիլ կենդանի Փրկչին:
Ուրեմն Քրիստոսով մեռածները կորսուած չեն, անոնք իրենց Տիրոջ քով են: Հետեւաբար ամէն մարդոցմէ աւելի խղճալի չենք: Քրիստոնեաներ երկրի վրայ ամենէն ուրախ ժողովուրդը պէտք է ըլլանք, որովհետեւ ունինք լաւագոյն խոստումները, լաւագոյն յարաբերութիւնը, մեծագոյն հարստութիւնը, բարձրագոյն դիրքը եւ հզօրագոյն իշխանութիւնը:
Մենք կը պաշտենք թագաւորներուն Թագաւորը: Այս բոլորը, որովհետեւ մեր Փրկիչը գերեզմանէն յարութիւն առած է:
Անիկա կ’ապրի, ես ալ պիտի ապրիմ, քանզի Անոր յարութիւնը յաւիտենական յոյս կը ներշնչէ:
© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25, Թիւ 223

Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments