June 7th, 2016
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
«…Բայց Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ, եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ միտքերնիդ պիտի բերէ»: Յովհաննու 14:26
Ամէն Քրիստոնեայի մեծագոյն պէտքն է հասնիլ զօրութեան գաղտնիքին: Ի՞նչ է այս գաղտնիքը: Տուեալ գաղտնիքը պարփակուած է Եփեսացիներու նամակին 5:18-ին մէջ, «Մի գինովնանք գինիով, որուն մէջ ապականութիւն կայ, հապա Հոգիով լեցուեցէք»: Երբ Քրիստոնեայ կ’ըլլանք, վերստին ծնունդով Սուրբ Հոգին կու գայ եւ մեր մէջ կը բնակի, «չէ՞ք գիտեր որ դուք Աստուծոյ տաճարն էք եւ Սուրբ Հոգին ձեր մէջ կը բնակը»: Այդ նոյն վերստին ծնունդի պահուն Քրիստոնեան Սուրբ Հոգիով մկրտուած ու կնքուած է: Սուրբ Հոգին ունենալով մեր պէտքն է շարունակաբար լեցուիլ անով: Ահաւասիկ հինգ ճշմարտութիւններ այս գաղտնիքը ապրելու մասին.-
Ա– Սուրբ Հոգիով լեցուիլ կը նշանակէ գրաւուիլ, կառավարուիլ եւ իշխուիլ.–
Շատերու համար անհասկնալի զարմանք է Առաքեալին տուած յորդորը, ինչպէ՞ս կրնայ ան հակասել գինովութիւնը Սուրբ Հոգիով լեցուելու հետ: Երկար տարիներ առաջ հեթանոսական հաւատամք էր թէ աստուած կ’ապրի խաղողի հիւթին, արիւնին մէջ, ու աւելի գինի խմելով, աւելի գինովնալով մարդուն մէջ աստուած ներկայութիւն կ’ունենար եւ անով կը կառավարուէր: Պողոս Առաքեալ Եփեսոսի հաւատացեալներուն կ’ըսէ, եթէ ժամանակին կը խորհէիք գինովնալով աստուծմով լեցուած կ’ըլլաք, հիմա պէտք է գինովնանք ճշմարիտ Աստուծմով գրաւուելով – Հոգիով լեցուելով: Ոչ թէ երկրաւոր գինիով, հապա երկնայինով: Ուրեմն Սուրբ Հոգիով լեցուիլը կը նշանակէ Իրեն տալ ղեկը ու յանձնուած կեանք մը ապրիլ: Մարդը կառավարուելու է երկնայինով, այսինքն մեր մարմինները Իրը ըլլալու են: Հռովմայեցիներու նամակին մէջ Առաքեալը կ’ըսէ, «ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք, որպէս մեռելներէ ողջնցած (6:13), նաեւ «ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր (Փիլ. 2:5), վերջապէս «ձեր բոլոր հոգին, շունչը ե մարմինը անարատ պահուի (Ա. Թես. 5:23):
Բ– Լեցուիլը Աստուծոյ ծրագիրն է.
Շատ նորադարձներ չեն նկատեր այս, չեն հասկնար եւ հետեւաբար չեն վայելեր Աստուծոյ պատրաստածը: Խորհէ պահ մը, Քրիստոնեան Քրիստոսի մարմնացումն է, Անոր յարուցեալ կեանքը ցոլացնողն է երկրի վրայ: Կարգ մը արեւելեան կրօններ կը պատգամեն թէ մեռնելէ ետք կրկին երկրի վրայ ներկայութիւն կ’ունենան անասունի կերպարանքով: Քրիստոնեան վերստին ծնունդի փորձառութեամբ Քրիստոսը կը մարմնացնէ, ձեւով մը Անոր վերարտադրութիւնն է: Եթէ կը հարցնենք, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ այս, միայն Սուրբ Հոգիով: Աստուծոյ փափաքն է ոչ թէ պարզապէս կեանք պարգեւել, հապա աւելի կեանք, լեցուն կեանք: Եփեսացիներու 5:18-ի լոյսին տակ կը հասկնանք լեցուն, ճոխ կեանք մը Անոր ազդեցութիւնով պարուրուած: Ոմանք Սուրբ Հոգիով լեցուն կեանքին կը նային, որպէս անբնական կեանք մը ու կ’ըսեն թէ այս ըլլալու է շատ քիչերու բաժինը: Սակայն Աստուծոյ ծրագիրն է որ այս ըլլայ բնական կեանք մը բոլոր Իր զաւակներուն համար: Ասիկա ընտրութեան հարց չէ, հապա անհրաժեշտութիւն:
Գ– Ասիկա յաղթական եւ պտղաբեր կեանքին գաղտնիքն է.
Պահ մը կանգ առնելով անկեղծ քննութեան մը ենթարկէ անձդ: Արդեօ՞ք քեզի համար բացայայտ է բոլոր պատճառները տկարութեան, անպտղաբեր, անհաւատարիմ կեանքի ու ձախողութիւններու: Ինչո՞ւ մեր կեանքերը այն չեն ինչ որ պէտք է ըլլան: Ինչո՞ւ ծառայութիւնը ազդեցութիւն եւ արդիւնք չունի: Շատ պատճառներ կրնանք թուել, որոնք մակերեսային են, իսկականը,, միակն ու կեդրոնականը՝ Սուրբ Հոգիով չլեցուիլն է: Երբ գաղտնիքը բացայայտուած է ու գիտենք, մեզի կը մնայ պատուէրը կատարել:
Դ– Մէկ անգամուան փորձառութիւն չէ.
Կենսական է յստակացնել, որպէսզի յուսախաբութեան եւ պարտութեան չհանդիպինք: Վերստին ծնունդը մէկ անգամուայ փորձառութիւն մըն է, իսկ լեցուիլը շարունակական: Աշակերտներէն ոմանք երբ Գործք Առաքելոց 2:4-ի մէջ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան, 4:31-ի մէջ կրկին լեցուեցան: Այս գործողութիւնը, Հոգիով լեցուիլը, ներկայ շարունակական է: Հաւատացեալը կրնայ Սուրբ Հոգին տրտմեցնել ու կորսնցնել… ոչ թէ ներկայութիւնը, այլ լեցունութիւնը: Եփես. 4:30 «Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար»: Լուծումն ու դարմանը, նորէն լեցուիլ է:
Ե-Լեցուիլը ունի պայմաններ.
Անկեղծութիւն, փափաք եւ լրջութիւն, զղջում եւ խոստովանութիւն, վստահօրէն խնդրել ու հաւատալ աղօթքի պատասխանին: Ասոնք անհրաժեշտ պայմաններ են: Ի՜նչ երանավէտ վիճակ է երբ բոլոր Քրիստոնեանները մաքուր կեանքերով շարունակաբար կը լեցուին Սուրբ Հոգիով: Պէտքդ գիտցիր…ու հիմա… կատարէ զայն:
© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24, Թիւ 220

Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments