August 14th, 2016
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
«Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, ու այն ամէնը որ իմ ներսիդիս է՝Անոր սուրբ անունը: Ով իմ անձս, օրհնէ Տէրը, եւ Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար» Սաղմ. 103:1,2
Այս Սաղմոսը ամբողջութեամբ փառաբանութիւն է, աղաջանք, խնդրանք ու պաշտամունք չկայ: Ո՞վ պիտի օրհնէ Տէրը, անշուշտ ես: Պատահա՞ծ է որ դուն քու անձիդ հետ խօսիս: Որքա՞ն յաճախ դուն քեզի հետ խօսած ես:
Ես իմ անձիս հետ խօսելու եմ, ինչպէս Դաւիթ խօսեցաւ: Յաճախ ես իմ անձիս հետ խօսելու եմ, որպէսզի Աստուծոյ բարերարութիւնները չմոռնամ: Բոլորս ալ մոռնալու դէմ պայքարելու ենք:
Իմ անձս, օրհնէ Տէրը – ասիկա շրթունքի խօսք ըլլլալու չէ: Շրթունքի օրհնութիւն եւ փառաբանութիւն չէ այլ հոգիի: Ասիկա հոգիիս գործը ըլլալու է, որովհետեւ ո՛չ գեղեցիկ խօսքը եւ ո՛չ գեղեցիկ երաժշտութիւնը իմաստ եւ արժէք կ’ունենայ եթէ մէջը հոգի չկայ:
Այս Սաղմոսը կը շեշտէ Աստուծոյ յարաբերութիւնը մարդուն հետ: Աստուած հեռուն եղած զօրութիւն մը չէ, հապա անձ մըն է որ մարդկութեան կը յայտնուի Իր սիրով:
Դաւիթ՝ հովիւ պատանին, հիմա Իսրայէլի թագաւորն է: Ան չիխորհեցաւ ու չերազեց որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ գորգերու վրայ պիտի քալէ ու թագաւորական գահը պիտի նստի, փոխանակ դաշտերը ոչխար արածելու:
Հալէպի մէջ, համեստ պայմաններով ապրող, դասընկերներ ունեցած եմ, որոնք այսօր միլիոնաւոր տոլարներ եւ կալուածներ ունին հոս: Ազատ երկիրներու մէջ պատեհութիւնը կայ հասնելու բարձր պաշտօններու եւ դիրքերու:
Տակաւին աշխարհ չէ տեսած Աստուծոյ շնորհքին զօրութիւնը: Մեր երկնաւոր Հայրը կրնայ նորածին մը առնել Նեղոսի ջուրերէն ու ընել ժողովուրդի մը առաջնորդը: Ան կրնայ Գալիլիոյ լիճի կապոյտ ջուրերէն ձկնորս մը առնել եւ առանձնաշնորհը տալ անոր տեսնելու վարագոյրէն անդին ու տեսածը պատմէ բոլորիս: Ան կ’իջնէ մեղքի խորերը եւ մեղաւոր Մագդաղենացիին ձեռքէն կը բռնէ, կը գեղեցկացնէ անոր կեանքը եւ պատիւ կու տայ զինք տեսնելու Յարութեան առաւօտուն:
Դաւիթ այս սաղմոսով կ’երգէ իր անձնական ողորմութիւնները, որոնք ստացած է Աստուծմէ: Զարմանալի չէ որ Դաւիթ ցնծայ Տէրոջը կատարած գործերով:
Մենք ներելու մէջ կը պայքարինք, իսկ Իրեն համար ներելը ինքնիստիկեան է: Յիշողութիւնը կը բերէ տխուր դէպքեր, մարդոց ըրած սխալները, սակայն Տէրոջ մտքին մէջ մէկ յիշողութիւն կայ, ներուած են մեր բոլոր անօրէնութիւնները:
Որքան պարտական ենք Յիսուսին, Ան առաւ մեր մեղքը ու տուաւ սրբութիւն, առաւ մահը եւ տուաւ կեանք, առաւ մեղաւոր սիրտը եւ լեցուց Իր սիրով: Ան եղաւ մարդու որդի եւ զիս ըրաւ Աստուծոյ որդի:
Ու հիմա, սիրտս ու ձայնս կը բարձրանան պաշտելու Զինք, ու միանալով սաղմոսերգուին կ’ըսեմ, ով իմ անձս օրհնէ Տէրը ու Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար:
© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24, Թիւ 221

- Ներում.- Եթէ մէկը կայ որ ապրած է Ադամէն մինչեւ հիմա եւ գիտէ ներել, իսկապէս ներել, անիկա Նազորվեցի Յիսուսն է: Պատմութիւնը շատ կը յիշէ նշանաւոր ազնուական անձնաւորութիւններ, բայց ոչ մէկը եղած է Անոր նման:
Մենք ներելու մէջ կը պայքարինք, իսկ Իրեն համար ներելը ինքնիստիկեան է: Յիշողութիւնը կը բերէ տխուր դէպքեր, մարդոց ըրած սխալները, սակայն Տէրոջ մտքին մէջ մէկ յիշողութիւն կայ, ներուած են մեր բոլոր անօրէնութիւնները:
- Բուժում.- Ուշագրաւ է որ Եբրայերէնի մէջ բժշկութիւն եւ ներում նոյն ներշնչուած բառերն են: Հաւանաբար մեր բոլոր հիւանդութիւններուն պատճառը մեր անհատական մեղքերը չեն, սակայն «անկումին» հետեւանքներէն մէկն է: Եթէ Ադամ եւ Եւա չմեղանչէին, հիւանդութիւնը մեր բաժինը պիտի չըլլար:
- Փրկութիւն.- Որքան յիմարական է, երբ մարդը ըսէ, թէ իր անձին ու ապագային տէրն է: Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի մարդու մը մասին, որուն արտերը շատ բերք տուին… Միշտ պէտք է խորհիլ կեանքի փոթորիկներուն ու փորձութիւններուն մասիին: Պարագաներու փոփոխութիւնը չարտօներ որ մարը իր կեանքը ապրի: Ան որ չէ ճաշակած Քրիստոսի ազատագրող զօրութիւնը, ան սատանայի իշխանութեան տակն է:Մեղքն ու անօրէնութիւնը մեզ կը բաժնեն Աստուծմէ: Քաղաքակրթութիւններ մշակոյթներ զարգացուցին եւ մենք ալ զանոնք հագուստի նման կը հագուինք, որուն ներքեւ կորսուած եւ մեղաւոր սիրտ մը կայ որ փրկութեան կարօտ է: Օր մը Աստուած Փրկիչը ղրկեց: Յիսուսով սատանայի զօրութիւնը քու կեանքիդ վրայ կտրուած է:
- Պսակադրութիւն.- Ան է որ Իր ողորմութեան պսակը կը դնէ մեր գլուխին վրայ: Արդարութեան պսակը, որեւէ ոսկեայ կամ ադամանդեայ պսակէ աւելի թանկագին:
Որքան պարտական ենք Յիսուսին, Ան առաւ մեր մեղքը ու տուաւ սրբութիւն, առաւ մահը եւ տուաւ կեանք, առաւ մեղաւոր սիրտը եւ լեցուց Իր սիրով: Ան եղաւ մարդու որդի եւ զիս ըրաւ Աստուծոյ որդի:
Ու հիմա, սիրտս ու ձայնս կը բարձրանան պաշտելու Զինք, ու միանալով սաղմոսերգուին կ’ըսեմ, ով իմ անձս օրհնէ Տէրը ու Անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար:
© 2016 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 24, Թիւ 221
Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments