September 3rd, 2018
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Ղեւտացւոց 22:1-16, Ա.Պետրոս 2:5
Շատ անգամ «սուրբ» բառը հասկնալու դժուարութիւն ունինք: Շատերու համար «սուրբ»երը անցեալին ապրած նուիրեալ եւ անձնուրաց կղերականները, եկեղեցականներն են, որոնց ապրած կեանքին համար, մահուընէ ետք կոչուած են «սուրբ»: Ըստ ուրիշ եկեղեցիի մը տուեալ անձը նուազագոյն հրաշք մը ըրած ըլլալու է, որպէսզի սրբութեան աստիճանի հասնի: Այս մօտեցումը Աստուածաշնչական չէ, ամէն մէկ անհատ որ ունի Յիսուս Քրիստոսը, հաւատացած է Անոր Գողգոթայի վրայ կատարած զոհին, անիկա սուրբ է: Սուրբերը Յիսուս Քրիստոսի արիւնով սրբուածներն են: Կեդրոնանալով Ղեւտացիներու գիրքին, յատկապէս վերոյիշեալ համարներուն վրայ մեզի կը ներկայացուի գեղեցիկ եւ յստակ պատկեր մը: Ահարոն Հին Կտակարանին մէջ Քրիստոսի կերպարն է եւ անոր որդիները, Աստուծմէ ծնածները կը ներկայացնեն: Բոլոր Աստուծոյ որդիները, հաւատացեալները քահանաներ են, թէեւ բոլորը իրենց շնորհուած քահանայական կեանքը չեն ապրիր ու պաշտօնը չեն կատարեր:
Դուն արդեօք պաշտօնդ կատարող հաւատացեա՞լ մըն ես: «Սուրբ բաները», որոնք կը յիշուին Ղեւտ. 22-ի մէջ, ճիշդ նման են «հոգեւոր բաներու», որոնք Աստուծոյ կողմէ ձրի տրուած են մեզի եւ անշուշտ այս «բաները» կարելի է աւելի լիարժէք ըմբոշխնել երբ կատարելապէս կը յանձնուինք Աստուծոյ: Նոր Կտակարանի եւ յատկապէս նամակներու հիմնական ճշմարտութիւններէն եւ սկզբունքներէն մէկը
հաւատացեալին Տէրոջը պաշտօնեայ, քահանայ ըլլալն է ու քահանայական պաշտօնը կատարելը: Պատմութեան ընթացքին մարդը շատ ու շատ հարցեր ու դժուարութիւններ դիմագրաւած է, սակայն մեղքը անոր մեծագոյն աղէտը եղած է: Աստուածշունչը կը ներկայացնէ այս մեղքի հարցը լուծելու Աստուծոյ սքանչելի եւ յաւիտենական ծրագիրը:
Հաւատացեալին քահանայութիւնը Աւետարանական եկեղեցիին ըմբռնումով կապուած չէ ուսումի, կոչումի եւ ծառայութեան հետ, այլ հաստատուած է Զոհին քահանայութեան վրայ:
Որոշապէս խիստ կարեւոր քանի մը դասեր կան.-
© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26, Թիւ 228

- Անմաքրութեամբ վարուիլը մահուան կ’առաջնորդէ.– (հմր.3) Անմաքուրը հոգեւոր ճամբայէն չի կրնար անցնիլ: Կորնթոսի եկեղեցիին, սուրբերուն ուղղուած նամակով Առաքեալը կ’ըսէ, «Շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր»: Յստակօրէն երկրաւոր իմաստութենէ պահուած են այս «բաները»: Մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս Հօրը փառաւորեց այս բաներուն պահուած ըլլալուն համար: Սովորական մարդը չի կրնար գնահատել հրեշտակներու կերակուրը : Միշտ ուշադիր ըլլանք թէ ինչպէս կը վարուինք հոգեւոր բաներու հետ, որպէսզի դատապարտութիւն չուտենք ու չխմենք:
- Անմաքուրը սուրբ բաներու ախորժակ չունի-. (հմր.4) Զգուշացում կայ, պէտք է մաքրուիլ եւ ապա ճաշակել: Եթէ կ’ուզենք ախորժակ ունենալ եւ վայելել երկնաւոր, հոգեւոր բաները մաքրութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Տէրը Իր մարգարիտները խոզերուն առջեւ պիտի չնետէ: Սրբութիւն եւ անմաքրութիւն հակասական բաներ են, ան որ խաւարը կը սիրէ անպայման լոյսը պիտի ատէ:
- Սուրբ բաները սուրբերուն համար են.– (հմր.7) Սուրբը աշխարհի հաճոյքներուն մէջ ոչ հաց կ’ունենայ եւ ոչ ալ կերակուր: Այն բոլոր բաները, որոնք կը գրաւեն կամ կ’ուրախացնեն անհատը, սուրբին քաշողականութիւն չեն ունենար, որոհետեւ անոր սիրտը երկնային բաներուն կապուած է: Այսպիսիներուն համար Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլը աւելի վայելք է քան առօրեայ կերակուրը եւ մեղաւորներու փրկութիւնը, արծաթէն ու ոսկիէն աւելի թանկագին է:
- Օտարականը բաժին չունի.– (հմր. 10) Օտարականն ու վարձկանը այն անձերն են, որոնք Աստուծոյ չեն ճանչնար, որոնք չեն փրկուած ու չեն հաւատար Որդիին, Յիսուս Քրիստոսի: Հաւանաբար վարձկանի պարագան աւելի թեթեւ ըլլալ կը թուի, որովհետեւ ան ոչ թէ չի հաւատար այլ կ’ըսէ թէ ինք Քրիստոնեայ է: Վարձկանը Աստուծոյ կը ծառայէ անձնական շահի, փափաքի եւ նպատակի համար: Այդպէս եղողներ արդէն իրենց վարձքը ստացած կ’ըլլան ու չեն ճաշակեր «հոգեւոր բաները»:
- Ծախու առնուածներ ու ծնածներ կան-. (հմր.11) Հետաքրքրականօրէն թէ գնուիլն ու ծնիլը հոգեւոր առանձաշնորհում կը պարգեւէ: Գնուած Քրիստոսի արիւնով եւ ծնած Աստուծմէ, պարագաներ են, որոնք կը միացնեն մեզի Աստուծոյ ընտանիքին: Այս հիմնական անփոխարինելի ճշմարտութիւններըմեզի իրաւունք կու տան Անոր սքանչելի ճոխութիւնները ճաշակելու: «Հոգեւոր բաներ» ձրիօրէն մեզի տրուած են Աստուծոյ կողմէ:
- Անսուրբ յարաբերութիւններ անարժան կ’ընեն.– (հմր.12) Մարդկային կեանքի մէջ խառն լծակցութիւններ ախորժակ չեն ձգեր հոգեւոր բաներու: Քահանային աղջիկը ծնունդով իրաւունքներ ունի, սակայն երբ օտարի հետ կ’ամուսնանայ այդ իրաւունքներէն կը զրկուի (անարժան կ’ըլլայ): Մենք կրնանք Քրիստոնեաներ ըլլալ, վերստին ծնունդ ունենալ, բայց մեր մարմնաւոր ու մեղանչական յարաբերութիւններով անյարմար կ’ըլլանք վայելելու Աստուծոյ օրհնութիւնները:
- Ուտել հոգեւոր բաներ առանց ծանօթ ըլլալու, օգուտ չունի.– (հմր.14) Անշուշտ կարելի է խօսիլ ու կարդալ «սուրբ բաներու» մասին ու տակաւին օտարական ըլլալ Անոր զօրութեան: Ճշմարտութիւնը սրտին վրայ է, կեանքի հետ չառնչուիր մինչեւ որ հաւատքին չխառնուի: Սրբութիւնը մարդկային կեանքը բարձրացած վիճակի մէջ չէ, այդ անկարելիութիւն է, այլ վար բերուած աստուածային կեանքն է: Մարդը անգիտութեամբ կը վարուի Քրիստոսի մեծ ու թանկագին խոստումներուն հետ, երբ անոնք տակաւին չեն ապացուցուած իր հոգիին մէջ:
© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26, Թիւ 228
Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments