November 19th, 2018
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Ղուկաս 2:17-20
Տօնական օրերը չեկած ամէն կողմ եղած զարդարանքները, լոյսերն ու ծառերը կը յուշեն թէ Ծնունդը մօտ է: Ազատուղիներն ու ճամբաները խճողուած եւ ուսանողներ արձակուրդի կը պատրաստուին: Շատերու համար Ծնունդը պատեհ առիթ է ճամբորդութիւն կատարելու եւ աւելի բարեխառն կլիմայ ունեցող վայրեր երթալու եւ կամ հակառակը: Ուրիշներու համար Ծնունդը հաւաքոյթներ կազմակերպելու կերուխումի հրաւէրներ կատարելու առիթ է, իսկ ոմանց ալ փափաքը աջին ու ձախին նուէրներ առնել է: Դժբախտաբար վերոյիշեալները մարդոց մեծամասնութեան համար կեդրոնական տեղ կը գրաւեն, բայց ասիկա սովորական արձակուրդ մը չէ, իրողութեան մէջ հիասքանչ դէպք մըն է:
Դուն ինչպէ՞ս կը ծրագրես տօնել Ծնունդը: Եկէք միասնաբար յիշենք թէ ինչո՞ւ Ծնունդը կը տօնախմբուի: Որպէս Հայեր այս երկրին մէջ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով երկու անգամ կը յիշենք Ծնունդը: Գիտէ՞ք, կրկնակի տօնախմբութիւնը մեզ կը դնէ կրկնակի պատասխանատուութեան առջեւ: Աստուած Իր Որդին ղրկեց որ մսուրին մէջ ծնի եւ ըլլայ մարդոց Փրկիչը, մեր բաժինը ըլլալու է յիշատակել ու տօնախմբել մասնայատուկ կերպով, Աւետարանի լոյսով առաջնորդուած: Աստուածաշունչը Ծնունդի պատմութեան հովիւներով մեզի, բոլորիս կ’ահազանգէ թէ խրախճանքներու, հաւաքոյթներու, արձակուրդներու, լոյսերու եւ գնումներու մէջ, որոնք ինքնին սխալ արարքներ չեն, անդրադառնանք ու կատարենք նաեւ հոգեւոր առողջ արարքներ:
Չորս գործողութիւններու պէտք ունինք.-
© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26, Թիւ 230

- Իմացնել.- Առաջին յայտարարութիւնը, բարի լուրը անշուք ու ընկերութեան մէջ անտեսուած հովիւներուն տրուեցաւ: Թերեւս կը հարցնես ինչո՞ւ հովիւներուն եւ ոչ քահանաներուն կամ դպիրներուն: Հովիւներուն այցելելով ու տալով աւետիսը հրեշտակը յայտնեց Աստուծոյ շնորհքը մարդկութեան հանդէպ: Հովիւները Իսրայէլի ամենէն յետիններն էին: Անոնց գործն ու աշխատանքը ծիսականօրէն անմաքուր ըրած էր զիրենք եւ հետեւաբար տաճարէն հեռու պէտք էր մնային: Վերոյիշեալ Աստուածաշնչական համարներուն սկիզբը կ’ըսէ «երբ տեսան իմացուցին»: Դուն ուրիշներու կ’իմացնե՞ս, կը տեղեկացնե՞ս եւ կը վկայե՞ս ինչ որ իմացա՞ծ ես: Մտայղացումը ունեցիր քաջօրէն ուրիշներու տեղեկացնելու թէ աշխարհի Փրկիչը ծնած է եւ Ան քու Փրկիչդ է:
- Զարմանալ.- Հովիւները արտօնութիւն չունէին դատարանի մէջ վկայ ըլլալու, սակայն Աստուած գործածեց խոնարհ հովիւները ըլլալու ականատեսները մարգարէութեան կատարման (Մեսիայի ծնունդին): Հրեշտակները փորձառութիւնը չունեցան ճաշակելու Աստուծոյ շնորհքը, ուստի չեն կրնար վկաներ ըլլալ ինչպէս մենք կրնանք: Հովիւները գեղեցիկ, ընդօրինակելի օրինակներ են բոլորիս համար, անոնք պատգամը հաւատքով ընդունեցին եւ անմիջապէս հնազանդեցան: Զուարճալի բաները մեզ հեռու կը պահեն լրջօրէն խոկալէ եւ բանի մը մասին մտածելէ: Ծնունդը սքանչելի ժամանակ է զուարճանալու, բայց հատուածին մէջ կ’ըսէ, «կը զարմանային»: Եկէք խորհինք պահ մը, ահա մաքրութիւնն ու սրբութիւնը փաթթուած փոքրիկի մը ծնունդով, ահա ուրախութիւնը ողբերգութեան մէջ եւ ահա մեծ զուարթ յայտարարութիւն մը հովիւներուն: Ահաւասիկ փոքրիկը ծնած է մեռնելու համար եւ թագաւոր մը ծնած է աղքատիկ ախոռին մէջ: Դուն կրնա՞ս տրամաբանութեամբ եղածը պատկերացնել ու բացատրել: Միայն կը զարմանանք այս սքանչելիքին վրայ:
- Մտածել.- Մարիամ իր տան մէջ չէր, ան հրաշքով զաւակ մը ծնաւ, հրեշտակներ այցելեցին, հովիւներ եւ ժողովուրդ զարմանքի մէջ էին: Նորածինը Աստուծոյ խաղաղութիւնը եւ հաճութիւնը կը բերէր, ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ: Կրնանք դիւրութեամբ մոռնալ Ծնունդին կարեւորութիւնն ու իմաստը մինչ մխրճուած ենք եւ տարուած արտաքին տօնախմբութեամբ: Դուն ժամանակ ստեղծէ մտածելու եւ խոկալու: Մինչ հովիւներ եւ ուրիշներ լսելով Ծնունդի լուրը զարմացան ու հիացան, իսկ Մարիամ այս բաները սրտին մէջ պահելով կը մտածէր: Շատեր յաճախ որեւէ լուրի մը մեծ զգացումներով կը պատասխանեն, սակայն զգացումները կը շոգիանան ու պատգամին հետաքրքրութիւնն ու խոր իմաստը կ’անհետանայ: Մարիամ ընտրեց խորհիլ, մտածել եւ խոկալ:
- Փառաւորել .- Այս հովիւները հրեշտակներուն փոխարինեցին երբ փառաւորեցին Աստուծոյ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւնը իրականութիւն է: Յստակ է թէ մեր բոլոր ձախողութիւններով, յուսահատութիւններով, չար խորհուրդներով եւ սարսափելի մեղքերով, կրնանք Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ունենալ ու ահա՛ Աստուծոյն փառաւորելու բացառիկ առիթ մը: Հրեշտակները կը փառաւորէին, հովիւները կը փառաւորէին, մենք ալ փառաւորելու ենք, որովհետեւ Յիսուսով հաշտութիւնը իրականացաւ: Երկրորդ համաշխարային պատերազմին ժեներալ Այզընհաուր Եւրոպա կը գտնուէր, հօրը մահուան լուրը ստացաւ, ի՞նչ պիտի ընէր, Ամերիկա վերադառնալը անկարելի էր: Գրասենեակին դուռը գոցելով իր զգացումները թուղթին յանձնեց եւ ապա գնաց իր պատասխանատուութեան: Եթէ Այզընհաուր Եւրոպայի մեծագոյն պատերազմի միջոցին ժամանակ կը գտնէ խորհելու իր երկրաւոր հօր մասին, իսկ մենք ժամանակ պէտք չէ գտնե՞նք դուռը գոցելու, Աստուածաշունչը բանալու եւ ապրելու Ծնունդի դէպքը:
© 2018 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 26, Թիւ 230
Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments