July 22nd, 2017
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Մաղաքեայ 3:8-10
Ո՞վ չ’ուզէր վերականգնիլ:
Բոլորս ալ կ’ուզենք վերականգնիլ. առողջութեամբ, տնտեսապէս, յարաբերութիւններով եւ հոգեւորապէս, նաեւ կ’ուզենք մեր հայրենիքն ու սփիւռքի գաղթօճախները տեսնել վերականգնուած:
Մաղաքեայ կը խօսի Իսրայէլի վերականգնման մասին, ուր օրինապաշտութեան հոգին կ’աճէր, անաստուածութիւնն ու բարոյական ապականութիւնը ամէն կողմ կը տիրէր, ճերմակ եւ սեւ մեղքեր տարածուած էին:
Առողջութեան վերկականգման համար սնունդին, մարզանքին եւ քունին ուշադրութիւն կ’ընենք: Նիւթականին համար երկար ժամեր կ’աշխատինք, գործ կը փոխենք, եւ կամ աւելի ժամեր յատկացնելով երկու գործ կ’աշխատինք: Յարաբերութիւններու համար կը զիջինք, կը ներենք ու կը մոռնանք:
Արդեօք հոգեւոր վերականգնումի համար ի՞նչ կ’ընենք:
Մաղաքեայ երկու հզօր յոյսեր կը տեսնէ իր ազգին ու ժողովուրդին վերականգնման համար.- Յիսուս Քրիստոսի առաջին ու երկրորդ գալուստը (3:1,17:
Պատգամը ուղղուած է անձնասէր ու աշխարհասէր եկեղեցիին: Ե՞րբ է որ եկեղեցին անձնասէր եւ ու աշխարհասէր կ’ըլլայ…երբ առաջին տեղը Աստուծոյ չի տար:
Ուրեմն մարգարէին կոչը Աստուծոյ յանձնուիլն է: Այն հոգիով կամ չափով որ կը յանձնուինք, Աստուած կը խոստանայ նոյն հոգիով վերադարձնել:
Ա- Ամբողջութեամբ յանձնուիլ.- Աստուած կ’ըսէ, «Ինծի դարձէք», ինչո՞վ դառնանք – կողոպտելէն:Իրողութեան մէջ բաժին մը տալը հին օրերու կերպը չէր: Առաջին պտուղը տալով անոնք կ’ընդունէին որ ամբողջը Աստուծոյ կը պատկանի:
Բան մը ունենալու երկու կերպեր կան, կամ բացարձակ սեփականութիւն կ’ունենաս եւ կամ վերակացու եւ տնտես կ’ըլլաս:
Սաղմոսներուն մէջ Աստուած կ’ըսէ, «անտառի բոլոր գազանները եւ բլուրներու արջառները իմս են», իսկ Սաղմոս 24-ը «Տէրոջն է երկիր ու անոր լիութիւնը…»:
Յոբի մէջ երկինքի տակ ինչ որ կայ: Եզեկիէլի մէջ, գետը իմս է ես շինեցի , իսկ Անգեայի մէջ արծաթն ու ոսկին: Ուրեմն երբ գիտակից ենք այս ճշմարտութեան, կողոպտելը մեղք է ու այդ մեղքէն պէտք է հրաժարինք:
Ինչպէս Աբրահամ Իսահակը մատուցանեց Աստուծոյ, նոյն ձեւով ալ մենք պէտք է ընենք, միշտ յիշելով թէ Աստուած լերան վրայ իսկ վերադարցուց: Տասանորդը նշան մըն է, անով ցոյց կու տանք թէ ինչ ու ունինք Աստուծոյ կը պատկանի:
Բ- Աստուծոյ խոստումը-օրհնութիւն.- «Երկինքի պատուհանները բանալ, թափել, այնպէս որ բաւական տեղ չ’ըլլայ»: Երբ յանձնուած կեանք մը կ’ապրիս, ներդրում կը կատարես, արդիւնքը՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը կ’ունենաս: Երկինքը պիտի բացուի, արգելքները պիտի վերցուին եւ Իր լեցունութիւնը մեզի պիտի ըլլայ, ահա այս է խոստումը:
Անգամներ երկինքը բացուեցաւ, որպէզի ընդունի Եղիան եւ Ստեփանոսը, երկինքը բացուեցաւ ու Հոգին աղաւնիի կերպարանքով Յիսուսի վրայ իջաւ: Սակայն այս պարագային երկինքը կը բացուի որ առատօրէն տայ, այնքան օրհնէ, ըսենք, ալ կը բաւէ, տեղ չի մնաց:
Մենք Աստուած մը կը պաշտենք, որ ոչ մէկ բան Իրեն կը պահէ, այլ կու տայ…:
Օր մը Յովաս թագաւոր վախի ու դողի մէջ էր, եկաւ Եղիսէի: Մարգարէն պատուիրեց աղեղ ու նետեր առնել. իր ձեռքերը Յովասի ձեռքերուն վրայ դրաւ ու ըսաւ, «նետէ…փրկութեան նետ ըլլայ», նաեւ ըսաւ «նետերը առ ու գետինը զարկ»:
Թագաւորը երեք անգամ զարկաւ: Մարգարէն բարկացաւ, թագաւորին քով անհաւատութիւն կար, եթէ հինգ կամ վեց անգամներ զարնէր՝ Աստուած թշնամիները (Ասորիները) պիտի հատցնէր:
Աբրահամի աղօթքը Սոդոմի համար պատասխանուեցաւ, մինչ աղօթքը կը շարունակուէր: Որբեայրիին իւղը չպակսեցաւ, մինչ կը հոսէր, կը գործածուէր ու կը բաժնէր: Աբրահամ կեցաւ, որբեայրին կեցաւ, թագաւորը կեցաւ, բայց ոչ Աստուած:
Ոչ մէկ ուրիշ տեղ եւ ոչ ուրիշ բանի համար Աստուած այսքան զօրաւոր խոստում չէ կատարած:
Ինչ որ կը բերես քուկդ չէ, ինչ որ կը պահես քուկդ չէ, հապա ամէն բան Աստուծոյ կը պատկանի:
Գ- «Զիս Փորձեցէք».- Ահաւասիկ հրաւէրը տրուած Աստուծոյ կողմէ Իր ժողովուրդին: Դուն փորձէ կատարելով: Արդեօք Աստուծոյ ժողովուրդը, հաւատացեալը պիտի ընդու՞նի հրաւէրը, պիտի կատարէ՞ ճշմարտութիւնը, եւ հրաժարի՞ այս համայնատարած մեղքէն:
Ոմանք փշրանք կու տան, ոմանք մասնակի, ոմանք հիւանդ «ոչխարը», կաղն ու տկարը. բայց Աստուած ամբողջ հոտը կ’ուզէ:
Աստուած կ’արտօնէ որ դժուարութիւններ գան, ոչ թէ յուսահատելու այլ հրաւիրելու որպէսզի բարձր ու զօրաւոր հաւատք ունենանք:
Եթէ վստահինք Աստուծոյ ու շարժինք յառաջ երթալու, «կարմիր ծովեր» կը բացուին ու ամէն մէկ լեռ աստիճան կ’ըլլայ բարձրանալու: Փոթորիկները առջեւ երթալու պատճառ կ’ըլլան, իսկ կրակները կը զտեն ու շղթաներէդ կ’ազատագրեն:
Կ’ուզե՞ս Աստուած լաւագոյնը, եթէ այո, տուր քու լաւագոյնդ հաւատարմաբար, ու պիտի օրհնուիս:
© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25, Թիւ 224

Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments