February 21st, 2019
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Մատթ. 7:7-8
Մեր բոլոր աղօթքները կը պատասխանուի՞ն:
Զաւակդ շատ հիւանդ էր, ջերմեռանդ աղօթեցիր որպէսզի Աստուած բժշկէ, բայց զաւակդ մեռաւ: Արդեօ՞ք աղօթքդ չպատասխանուեցաւ:
Ընկերութեան մէջ գործի կարելիութիւն կար, ճիշդ քու ուսումիդ եւ փորձառութեանդ յարմար էր: Աղօթեցիր որ Աստուած այդ գործը քեզի համար կարգադրէ, սակայն ուրիշ մը վարձեցին: Արդեօ՞ք աղօթքդ չպատասխանուեցաւ:
Ամուսնութեանդ առթիւ գեղեցիկ մատանի մը քեզի նուէր տրուեցաւ, վրան եղած քարը ադամանդ էր , ինկաւ ու կորսուեցաւ: Աղօթեցիր որ Աստուած օգնէ ու այդ թանկարժէք քարը գտնես, բայց ջանքերդ ի դերեւ ելան: Արդեօ՞ք աղօթքդ անպատասխան մնաց:
Հաւատացեալներու կեանքին մէջ չպատասխանուած աղօթքը ամենամեծ դժուարութիւնն է: Շատերս աղօթքի կը հաւատանք ու կ’աղօթենք, սակայն այնպէս կը թուի թէ մեր շատ մը աղօթքները չեն պատասխանուիր:
Ինչո՞ւ կարգ մը աղօթքներ չեն պատասխանուիր.-

Ա. Դժուարութիւնը.- Դժուարութիւնը կը կայանայ աղօթքի մը տեսակին մէջ: Երբ կ’ըսենք մեր աղօթքները չեն պատասխանուած, կը խորհինք մէկ տեսակ աղօթքի մասին, միջնորդական աղօթքը:
Միջնորդականը միայն աղօթքի մէկ տեսակն է: Մեր աղօթքները պարունակելու են պաշտամունք, փառաբանութիւն, խոստովանութիւն, նուիրում:
Յաճախ աղօթքէն սահմանափակ ակնկալութիւն ունինք:
Սկիզբէն կ’որոշենք որ Աստուած ինչպէ՞ս պէտք է պատասխանէ, եւ եթէ աղօթքը չէ պատասխանուած մեր մտածածին ու ակնկալածին պէս, դժգոհութիւնը մեր կեանքին մէջ է ու քանքատը մեր շրթներուն վրայ կը տարածուի:
Նման ակնկալութիւններով լեցուն կեանք մը կ’անտեսէ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը: Աստուած ստիպուած չէ մեր աղօթքներուն պատասխանել այն կերպով որ մենք արդէն որոշած ու ծրագրած ենք: Նկատի առնենք կարգ մը աղօթքներ Աստուածաշունչին մէջ, որոնք պատասխանուած չեն: Մովսէս աղօթեց եւ խնդրեց խոստացեալ երկիրը մտնելու արտօնութիւն, սակայն ան Նաբաւ լեռանը վրայ Փագայի գագաթը, Երիքովի դիմացը մեռաւ: Ամբակում մարգարէն աղաղակեց- «մինչեւ ե՞րբ ով Տէր աղաղակեմ ու չլսես եւ զրկանքի համար քեզի կանչեմ ու չազատես:» Պօղոս Առաքեալ երեք անգամ աղօթեց որ իր մարմինի խայթոցը հեռացնէ, արգելք էր իր ծառայութեան: Նաեւ Գեթսեման պարտէզին մէջ մեր Փրկիչը աղօթեց տառապանքի գաւաթին հեռացման համար…բայց խմեց: Ինչպէ՞ս պիտի հասկնանք այս եւ նման պարագաները:
Միթէ Աստուած չէր լսեր: Ո՛չ, անշուշտ ոչ: Պէտք է քննենք մեր ենթադրութիւնը եւ ակնկալութիւնը, Աստուած ի՞նչ ընելու է:
Ընդհանրապէս Աստուած դրած ենք անկիւն մը եւ կ’ակնկալենք որ Ան մեր խնդրուածքներուն այո-ով պատասխանէ ու հաստատէ զանոնք: Պէտք ունինք տեսնելու թէ այո-ն եւ թէ ոչ-ը յստակ պատասխաններ են: Ուստի կը կարօտինք այն հաւատքին որ երկուքն ալ ուրախութեամբ կ’ընդունի:

Բ. Խոստումը.- Վստահութեամբ աղօթել: Վստահութեամբ եւ յարատեւութեամբ աղօթելը Յիսուս արտայայտեց երեք բառերով.-
- Խնդրել – Տեսնելով մեր պէտքը կ’ուզենք Աստուծոյ հետ կապ պահել, գիտակցելով որ Աստուած մեր պէտքը կրնայ հոգալ
- Փնտռել – Մեր կողմէ ջանք մը կայ – կ’աղօթենք հացի համար եւ կ’աշխատինք, կ’աղօթենք Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուստին մասին, կը վկայենք, կ’ապրինք ու կը քարոզենք:
- Զարնել – Ասիկա ցոյց կու տայ շարունակականութիւն մը, լուրջ ենք եւ կարեւոր կը նկատենք:
- Համբերութեամբ Աղօթել.- Աղօթքներ երեք կերպով կը պատասխանուին, այո, ոչ, եւ սպասէ: Պէտք ունինք սպասելու, որպէսզի Աստուծոյ ժամանակացոյցին յարմարի: Կարգ մը բաներու համարկ’արժէ սպասել:
- Անձի մը աղօթել.- Մեր աղօթքները ուղղուած են մեր Երկնաւոր Հօր: Աստուած մեր Հայրն է եւ լաւագոյնը կ’ուզէ Իր զաւակներուն համար, որոնք Իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի արիւնով փրկուած են:
Իրապէս մեր աղօթքները պատասխանուա՞ծ են: Հաւատացեալ մը իր կեանքին վերջաւորութեան ըսած է թէ իր բոլոր աղօթքներն ալ պատասխանուած են: Ան աղօթած է Հնդկաստան երթալու, բայց ստիպուած է Պուրմա երթալ: Աղօթած է կնոջ առողջութեան համար եւ ան մեռած է: Աղօթած է որ բանտէն ազատ արձակուի, բայց ամիսներով շղթայակապ հոն մնացած է: Կ’աղօթէ հոգիներու փրկութեան համար եւ տարիներ կ’անցնին մինչեւ մէկ անձ մը փրկուի:
Իր բոլոր աղօթքներն ալ պատասխանուած են:
Եզրակացնելով պէտք է ըսել թէ չպատասխանուած աղօթքներ չկան, բոլոր աղօթքներն ալ պատասխանուած են ու կը պատասխանուին, սակայն մեր ակնկալածէն ու երեւակայածէն տարբեր կերպերով: Ուրեմն հաւատքով աղօթենք:
© 2019 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 27, Թիւ 231

Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments