December 6th, 2017
by Dikran Shanlian
by Dikran Shanlian
Ելից 2:15
Նոր Տարուան ուխտերդ, խոստումներդ արդեօք գրա՞ծ ես:
Այն բոլոր տարեկան որոշումներդ, նիհարնալու, հաշտուելու, խնայելու, ծառայելու եւ յարաբերելու արձանագրա՞ծ ես:
Ամէն տարեմուտի բոլորս ալ այսպէս կամ այնպէս կը մղուինք որոշումներ առնելու: Անշուշտ կը սիրենք այն գաղափարը թէ հին տարին ետեւ կը թողունք իր բոլոր սխալներով, պրկումներով, մեղքերով ձախողութիւններով ու սայթագումներով եւ կ’որոշենք թարմ, նոր սկիզբ մը ունենալ:
Մովսէս Նոր սկիզբ մը պէտք ունէր, մինչ նստած էր ջրհորին քով Մադիամու երկրին մէջ (Մադիամուն ներկայ Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմերն է):
Ինչպէ՞ս այդտեղ հասաւ: Եգիպտացին որ իր եղբայրներէն մէկուն կը ծեծէր սպաննեց, սակայն ամբողջ դժուարութիւնը Եգիպտացիները չէին: Երկու Եբրայեցիներ ալ կը կռուէն, Մովսէս ուզեց միջամտել, անոնցմէ մէկը ըսաւ, «Զիս ալ կ’ուզես մեռցնել ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»: Փառաւոն կ’ուզէր Մովսէսը մեռցնել ու ինք անոր երեսէն փախաւ:
Ա- Իր աքսորին պատճառը իր անփթութիւնն էր.- Մովսէս անզուսպ, վայրենի հակազդեցութիւն ունեցաւ:
Յաճախ անխոհեմ արտայայտութիւններով եւ որոշումներով մենք մեզ կը գտնենք հորերու քով, պատճա՞ռը մեր կատարած արարգներն են: Հաւանաբար մենք լաւագոյնին նպատակ ունէինք, բայց մեր գործերը եւ մեր շուրջը եղող պարագաները պատճառ եղան աղէտալի արդիւնքի:
Բ- Իր աքսորը նաեւ ուրիշներու պատճառով էր.- Մովսէս շուրջը նայեցաւ, տեսաւ թէ մէկը չկայ, ապա Եգիպտացին սպաննեց, ու դէպքին մասին լսուեցաւ: Ո՞վ կրնայ պատմել, Եբրայեցին որո՞ւ համար իր կեանքը վտանգեց: Երբեմն անձերու կ’օգնես, անոնք զբաղուած են ինքզինքնին ազատելով ու չեն մտածեր քու մասիդ:
Մովսէս անապատին մէջ բնակեցաւ, ամուսնացաւ եւ հովիւ եղաւ: Այդ օրերէն 40 տարիներ անցան եւ Մովսէսի պատմութիւնը կարեւոր ճշմարտութիւններու յայտնաբերման միջոց եղաւ, որոնք կրնան մեզի օգնել երբ կը փափաքինք նոր սկզբնաւորութիւն մը ունենալ:
1- Մովսէսի կոչը սկսաւ Աստուծոյ կոչով.- Մովսէս անապատի մէջ 40 տարիներու ընթացքին Աստուծոյ չփնտռեց: Աստուած Մովսէսի ետեւէն էր: Աստուած չէ հետաքրքրուած մեր կեանքի մնացեալ օրերը հորերու քով անցնելով: Արդեո՞ք քու կեանքիդ հեզասահութիւնը խանգարուեցաւ դէպքով մը կամ արկածով մը: Ընդհանրապէս այդպիսի օրերէն ետք է որ Աստուած մեզի աւելի կը գործածէ:
2- Մովսէսի Նորը իրականացաւ իր պատասխանով.- Ի’նչ որ պիտի պատահէր կախեալ էր Մովսէսի կամեցողութենէն, Աստուծոյ կոչին անսալէն: Սկիզբը դժկամեցաւ, չուզեց: «Ես ո՞վ եմ», դուն այդպէս խորհա՞ծ ես: Ես արժէք մը չունիմ:
Աստուած պատասխանեց, հարց չէ թէ դուն ով ես, կարեւորը` «Ես ո՞վ եմ, կ’ըսէ Աստուած, Ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»: Ես բաւական բան չեմ գիտեր, նոյնիսկ անունդ չեմ գիտեր, Տէրը կ’ըսէ, «Ինչ որ պէտք ունիս գիտնալու կ’ըսեմ»: Քրիստոսի հետեւողները, դուն եւ ես, ամէն բան չենք գիտեր, բայց տրուած տեղեկութիւններուն վրայ հաւատքով կը շարժինք ու կ’ապաւինինք Անոր որ պէտքին համաձայն գիտութիւն կու տայ:
«Ես ճարտարախօս չեմ», Ով Աստուած ես նոր սկիզբի մը պատրաստ չեմ, թերեւս բաներ կը պատահի եւ ես փորձառութիւն չունիմ: Աստուած կ’ըսէ, «Կ’օգնեմ խօսելու եւ…օգնական մըն ալ կու տամ քեզի»:
Իր կոչը կատարելու, իրականացնելու համար Աստուած պիտի հայթայթէ մեր պէտքերը:
3- Մովսէսի նոր սկիզբը արգելքներ ունի.- Աստուած կու տայ նոր սկիզբ, նոր օր, նոր շաբաթ, ամիս եւ տարի, սակայն արգելքներ կան, որոնք յաղթահարելու ենք, Աստուծոյ օգնութեամբ անպայման կրնանք:
4- Մովսէսի Նոր սկիզբը երկու բաներ կը պահանջէր.- Երկու պահանջքներ կան եթէ կ’ուզես իսկապէս Նոր սկիզբ մը ունենալ:
© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25, Թիւ 226

- Տարիքը կը յաղթահարուի: Յաճախ կը խորհինք թէ ասկէ վերջը դժուար է փոխուիլ, ուշադի՛ր, Մովսէս 80 տարեկան էր երբ նոր սկսելու տեսիլքը ունեցաւ:
- Անորոշութիւնը կը յաղթահարուի: Մովսէսի տուած պատճառաբանութիւնները կը ցոլացնեն ապագայի անորոշութիւնները: Անորոշութեան առջեւ Աստուած կը վստահեցնէ թէ Ինք պիտի ընկերակցի մեզի եւ ոչ մէկ բան ընել պիտի տայ առանց միջոցը հայթայթելու:
4- Մովսէսի Նոր սկիզբը երկու բաներ կը պահանջէր.- Երկու պահանջքներ կան եթէ կ’ուզես իսկապէս Նոր սկիզբ մը ունենալ:
- Անցեալը պէտք է մոռնաս: Այն կապերը որոնք կան անցեալի հետ պէտք է արձակուին, որպէսզի յառաջանաս Աստուծոյ ապագայով: Ճաշակա՞ծ ես ջախջախուած երազներ, խզուած յարաբերութիւններ, դրժուած խոստումներ, որոնք քեզ Մադիամու երկրի հորին քով հասցուցած են: Մոռց’իր ու յառաջ գնա՛:
- Նոր սկիզբ մը ունենալու համար պէտք է սկսիս: Բոլոր բաներէն ետքը քայլ առնելու ես, շարունակէ գոյատեւել…:
- Միայն դուն եւ Աստուած գիտէք քու անցեալի ցաւդ: Ան գիտէ եւ պիտի օգնէ յաղթահարելու արգելքները, որոնք կը կաշկանդեն Նոր սկիզբ մը ունենալու: Նոր էջ մը թող ըլլայ կեանքիդ մէջ: Արտօնէ որ Աստուած արտադրէ Նոր սկիզբ մը Իր շնորհքին ու սիրոյն միջոցով:
© 2017 by Dikran Shanlian, Originally Published in «Բարի Լուր» Տարի 25, Թիւ 226
Posted in Articles
Recent
Archive
2026
2025
2024
March
November
2023
2022
March
July
September
2021
2020
2019
January
February
November
2018
March
November
2017
September
December
2016
February
August
November

No Comments